2014-10-01 10:43:38

''Խարիզմները` զանազանութիւն եւ միութիւն'' Ֆրանչիսկոս Պապի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի հոկտեմբեր 1-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներուն ու անոնց ուղղած իր ճառին մէջ խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Խարիզմներու մասին։
Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր` ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ի սկզբանէ Տէրը իր Եկեղեցին լիացուց Սուրբ Հոգւոյն պարգեւներով, զայն դարձնելով պտղատու եւ կենդանի։ Այս պարգեւներէն ոմանք յատկանշականօրէն արժէքաւոր են քրիստոնեայ հասարակութեան ուղեւորութեան ու անոր կառուցումին համար` ասոնք կոչուած են խարիզմներ։
Խարիզմը` յատկանիշէ մը աւելի է, բնական տաղանդ մըն է, որ պարգեւուած է ոչ թէ մեր արժանիքին համար։ Սուրբ Հոգւոյն շնորհք մըն է, Աստուծոյ պարգեւ մը, շնորհուած` որպէսզի նոյն սիրով եւ ձրիութեամբ զայն դնենք հասարակութեան տրամադրութեան տակ, հասարակաց բարիքին ի սպաս ։
Հեռու հպարտանքի աղբիւր ըլլալէ խարիզմը պէտք է ապրուի վեհանձնութեամբ եւ շահագրգռութեամբ։ Դժուար է հասկնալ եթէ խարիզմի տէր ենք, հասարակութիւնն է որ կարող է ճանչնալ խարիզմը որպէս Աստուծոյ սիրոյ նշան հանդէպ իր զաւակներուն։
Բոլոր խարիզմները Սուրբ Հոգւոյն պարգեւներ են ու անոնց զանազանութիւնը պէտք չեն բաժանումի պատճառ հանդիսանայ, այլ պէտք են սքանչացում յառաջացնեն ու մեր սրտերը ուրախութենէն հրճուելու են, ի տես Աստուծոյ մեզի պարգեւած շնորհքներուն։
Խարիզմները աճելու են միասին ներդաշնակութեամբ. հաւատքի ու սիրոյ մէջ. Եկեղեցին այս է` քրիստոնէական հասարակութեան մէջ ամէնքս պէտք ունինք մէկը միւսին ու ամէն ընդունուած շնորհք պտղաբեր կը դառնայ երբ զայն կը բաժնեկցինք ուրիշներուն հետ։
Սիրելի բարեկամներ ահա թէ ի՞նչ կը խնդրէ մեզմէ Տէրը` ուրախութեամբ եւ գուհունակութեամբ ընդունինք հասարակութեան պարգեւած խարիզմները ու մէկը միւսին հանդէպ տրամադրութիւն ցուցաբերենք, ամէն մէկու ծառայութեան եւ առաքելութեան համաձայն։ Այսպէս Եկեղեցին կ՛աճի Տիրոջ շնորհքով եւ կը դառնայ Աստուծոյ սիրոյ վստահելի նշան եւ ողջ վկայութիւն։
Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած ուխտաւորները, յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, վերյիշելով թէ այսօր կը տօնախմբուի` միսիոնարներու պաշտպան սրբուհի` սրբուհի Թերեզա Մանուկ Յիսուսի ծիսական տօնը։
Սիրելի երիտասարդներ` անոր սէրը հանդէպ Եկեղեցւոյ ձեր հոգեւոր կեանքին համար հանդիսանայ ուսուցում։ Սիրելի հիւանդներ, Սրբուհի Թերեզայի աղօթքը դառնայ ձեզի համար գործիք` դիմագրաւելու կեանքի դժուար պահերը եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ ձեր ամուսնական կեանքը կերտեցէք փոխադարձ հաւատարմութեան եւ յարգանքի վրայ։
Յայտնենք որ հրապարակային ունկնդրութեան մասնակցեցաւ նաեւ` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս - պտրիարքը եւ Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսական Աթոռին Առաքելական Կառավարիչ, Ամիդայի Հայոց տիտղոսաւոր Արքեպիսկոպոս`Արհի. Լեւոն Պօղոս Զէքիեանը։







All the contents on this site are copyrighted ©.